2012-02-27 12:00:26

<<Արաբական Գարուն։ Դէպի Ազգային Նոր Դաշինք Մը>> Նիւթով Համաժողով


Սանդ Էճիտիօ Միջազգային Հասարակութեան Նախաձեռնութեամբ՝ յառաջիկայ 29 Փետրուարին՝ Հռոմի Մէջ տեղի Կ՛ունենայ <<Արաբական Գարուն։ Դէպի Ազգային Նոր Դաշինք Մը>> Նիւթով Համաժողով։
Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւրոպական եւ արաբական աշխարհէն լրագրողներ, պետական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ ու գրագէտեր որոնք <<արաբական գարունի>> շարժումի ու անոր հետեւանքներուն հայող զանազան նիւթեր պիտի շօշափեն որոնցմէ նշենք՝ <<Քաղաքացիութիւն եւ ուրիշի կարգավիճակը>>, <<Ազգութիւն եւ Կրօնի բազմազանութիւն>>, << Արաբական եւ Արեւմտեան աշխարհի միջեւ Նոր էջ մը>>, <<Առանց խաղաղութեան ապագայ չկայ>> ու <<Միջերկրական երկիրները եւ Իտալիան>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.